Skip to content

Ա՛ռ ճամբորդութեան տոմսդ և ելի՛ր աշխարհը բացայայտելու։ «ՑԱՄԱՔԱՄԱՍԵՐ»

Եթէ ձեր զաւակը կարելիութիւն ունենար խօսելու Երկիր մոլորակին հետ

ու հարցնէր՝

— Երկիր, դուն քանի ցամաքամաս ունիս եւ որո՞նք են անոնք…

Կը պատկերացնէք՝ ի՜նչ զարմանալի պատմութիւններ պիտի լսէր։

Այս բոլորն իրականութիւն կրնայ դառնալ՝ Vlume մանկապատանեկանի «ՄԵՐ ԵՐԿԻՐ ՄՈԼՈՐԱԿԸ» շարքի «ՑԱՄԱՔԱՄԱՍԵՐ» գիրքով։

Ցամաքամասեր՝ https://link.vlume.com/item/EB-1600

Երկիր մոլորակը կը պատմէ թէ՝

ինչպէ՛ս Ափրիկէն կ’oրօրուի արեւուն տակ,

ինչո՞ւ Ասիան է ամէնէն մեծ ցամաքամասը,

ի՞նչ արկածներ կան Հարաւային Ամերիկայի անտառներուն մէջ,

եւ ինչո՞ւ Անթարքթիկան միշտ հագած է փափուկ, ճերմակ վերարկու։

«Ցամաքամասեր» գիրքը կախարդական զրոյց մըն է Երկիր մոլորակին հետ։

Ճամբորդութիւն մըն է՝ գունաւոր, ուսուցանող ու սրտաբուխ։

Ձեր փոքրիկը կը սորվի սիրել ու պաշտպանել ամէն ցամաքամաս՝ իբրեւ սեփական տան մէկ մասը։

Այս գիրքը՝ ունի զուարճալի բացայայտումներ, պատմուած է առոյգ ու մատչելի լեզուով՝ առանց բարդ բառերու

Ամէն էջի մէջ նոր անակնկալ՝ առանց ձանձրոյթի:

Միացէք այս գունաւոր եւ հետաքրքրաշարժ ճամբորդութեան՝ հետաքրքրական մանրուքներով, մեծ զգացումներով եւ երեխաներուն յարմար լեզուով։

Եկէ՛ք բացայայտենք, թէ ինչքան տարբեր եւ միեւնոյն ժամանակ բարեկամական են մեր ցամաքամասերը՝ Երկիր մոլորակին սրտէն բխած ձայնով։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *