Այսօր հայ երգիծական գրականութեան ամենավառ ներկայացուցիչին՝ Յակոբ Պարոնեանին ծննդեան օրն է: Պարոնեանը հայ գրականութեան փառքերէն է: Բանասէրներուն կողմէ այն կարծիքը կայ, թէ Պարոնեանէն յետոյ «երգիծաբանութեան դուռը ոչ ոք համարձակած է ափ առնել, ըլլա՛յ հոն աշակերտելու փափաքով իսկ, որքան դժուար է այդ դպրոցին գուռսը, որքան անկէ վռնտուիլը դիւրին»: «Հայ գրականութիւն Հանդէս»
Իրականութիւնը այն է, որ Պարոնեանը ստեղծեց իր դպրոցը, ունեցաւ իր հետեւորդները՝ Երուանդ Օտեանը, Առանձարը: Պարոնեանին կեանքը հայրենի ժողովուրդին անձնուիրաբար ծառայելու փառահեղ օրինակ է, ուսանելի եւ ոգեւորիչ: Երգիծաբանը պայծառ լաւատեսութեամբ կը յայտարարէ՝ «Եւ ես ի՞նչ կ՛ընեմ կոր ինձի եղած նախատանաց եւ անարգանաց դէմ. կը համբերեմ կոր, գիտնալով՝ որ իմ խօսքերուս արժէքը ասկից հարիւր տարի ետքը պիտի ճանաչցուի, իմ խօսքերուս արդիւնքը իմ թոռներս պիտի վայելեն»: Իսկ մենք մինչ օրս կը վայելենք եւ դեռ շատ երկար գալիք սերունդները պիտի վայելեն Պարոնեան-երգիծաբանին հարուստ ու տակաւին չկրկնուող ժառանգութիւնը:
Յակոբ Պարոնեան՝ https://vlume.com/hye/person/EN-31