Skip to content

«Ամէն սէր Աստուծմէ կու գայ ու Աստծոյ կ’երթայ․․․» Վահան Թէքէեան

Այսօր Սփիւռքի հայ գրականութեան նահապետ, երեւելի ներկայացուցիչ Վահան Թէքէեանի ծննդեան օրն է:
Թէքէեանին գրական ժառանգութիւնը կ’արժեւորուի բազմաթիւ յատկանիշներով, որոնցմէ ամենայատկանշականը ապրումի նրբութիւնն է: Կը թուի թէ անոր երգերուն մէջ կը ննջեն աշխարհին եւ մարդոց տակաւին չբացայայտուած ապրումներ, կարօտներ, կանչեր:
Բանաստեղծին յոյզերուն աշխարհին մէջ մուրացկաններ կամ վարձու լալկաններ չկան, ներշնչումը ազնիւ է, ցաւը՝ ապրուած, մռայլութիւնը՝ իրենը, իսկ լոյսը՝ ընթերցողինը:
«Թէքէեանը ապրեցաւ ամբողջ տրտմութիւնը Սփիւռքին ու տուաւ զայն՝ մեր ուղեղին մէջէն հրաշէկ շամփուրի պէս անցնող տողերով․․․»  Վահէ Վահեան
Այն՝ ինչ Թէքէեանէն մնացած է մեզի, ճշմարիտ եւ ազնուական արուեստի հմայքով կը շնչէ տակաւին ու երկա՜ր, շատ երկար հազարաւոր հոգիներ տակաւին պիտի մխիթարուին անով:
«Ի՞նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց
Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ, այն միայն․․․»
Վահան Թէքէեան՝ https://vlume.com/hye/person/EN-12

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *