Գիտէ՞ք ինչեր կը փոխանցէ ձեր փոքրիկներուն մեր նոր «Անտառի փոքրիկ հերոսները» շարքի «Ձախլիկ Կիկոն» գիրքը։
Ձախլիկ Կիկոն՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1634
Գիրքը կը պատմէ՝
Լեռներուն եւ լիճերուն միջեւ թաքնուած անտառի մը մէջ կը բնակին չորս անբաժան ընկերներ՝ աշխոյժ Սօսոն, բարի Զինոն, իմաստուն Ռօրոն եւ համեստ Կիկոն։
Երբ Կիկոն կը սկսի կասկածիլ եւ չհաւատալ իր ուժերուն, քանի որ ձախլիկ է, ընկերները կու տան ամենէն կարեւոր ճշմարտութիւնը՝ թէ իւրօրինակ ըլլալը տարօրինակ ըլլալ չէ, այլ շատ անգամ՝ հրաշալի։
Այս գիրքը պատմութիւն մըն է, որ կը բացայայտէ, թէ ինչպէս ինքնավստահութիւնը կը ծնի յաճախ ընկերութենէն, սիրոյ եւ բարի խօսքէն։
Կը մղէ փոքրիկներուն վստահիլ իրենց ուժերուն, տեսնել գեղեցկութիւնը տարբեր ըլլալու մէջ եւ երբեք չվախնալ փայլելու իր սեփական փայլքով:
