Skip to content

Արեւելահայ գրականութեան մէջ ինչո՞ւ Համաստեղը դարձաւ «աւելորդ»

Սփիւռքահայ գրականութեան լաւագոյն գրողներէն մէկը՝ Համաստեղը, բաւական դժուար ճամբայ անցած է, մինչեւ գրականութեան մէջ իր դիրքը ամրապնդելը։ Եկէք միասին բացայայտենք, թէ ի՞նչ դժուարութիւններ դիմագրաւեց ան, ինչո՞ւ արեւելահայ գրականութիւնը զինք ձեւով մը «աւելորդ» համարեց։ Անկախութեան տարիներուն Համաստեղին մեծ ոգեւորութեամբ ընդգրկեցին սփիւռքահայ հեղինակներու ծրագրին մէջ։ Բայց քանի մը տարի յետոյ գրողին գործերը կրկին վերցուցին պատճառաբանելով որ՝ լեզուն պարզ է։ Համաստեղը «չընդունելու» պատճառներէն մէկն ալ այն էր, որ ան  գրականութեան անիւը կը շրջէր դէպի գիւղ։ Ասոր զուգահեռ Համաստեղը մերժուեցաւ արեւելահայ գրականութեան կողմէ նաեւ այն վարկածով, թէ իբր գրողը կը փորձէր նմանիլ Բակունցին, անոր մրցակիցն էր։ Եւ քանի որ Բակունցը ձեւով մը կը զբաղեցնէր Համաստեղին տեղը, ուրեմն՝ Համաստեղը «աւելորդ» համարուեցաւ։ Ի հարկէ երկու տաղանդաւոր գրողները տարբեր են իրենց ինքնատիպ ոճով, նիւթով, գաղափարներով, բայց նոյնքան ալ հարազատ՝ աշխարհընկալմամբ։Եկէք համոզուելու համար կարդանք ընդամէնը մէկ օրինակ՝«— Բաղը մարդ կգա Դիլան» (Բակունց «Միրհավ») «— Մուրատ, մարդ կը տեսնէ, Աստուած իմ» (Համաստեղ «Համբոյր»)

Իրականութեան մէջ որո՞ւն գրածը միւսին կը նմանի, ո՞վ որո՛ւն տեղն է զբաղեցուցած, արդէն էական չէ, որովհետեւ արեւելահայ գրականութեան մէջ ունինք ինքնատիպ Բակունց, իսկ սփիւռքահայ գրականութեան մէջ՝ ռոմանթիք Համաստեղ։

Այս պահուն չբանալ Համաստեղի պատմուածքներէն ոեւէ մէկը ու չկարդալ՝ անկարելի է։ Համաստեղ՝ https://vlume.com/hye/person/EN-43

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *