Եթէ կը փնտռես գիրք մը, որ քու փոքրիկդ ոչ միայն կը զուարճացնէ, այլեւ կը սորվեցնէ համբերութիւն, վստահութիւն եւ կարեւոր դասեր ընկերութեան մասին՝ ուրեմն ճիշդ տեղը եկած ես։
Վլում մանկապատանեկանի շարքին «Արջուկ՝ Մեծ քաջ գամփռ»-ին երկրորդը՝ «Արջուկը գիւղ կ՚այցելէ», պիտի գերէ թէ՛ սիրտդ, թէ՛ քու փոքրիկիդ երեւակայութիւնը։
Այս պատմութիւնը կը բացայայտէ, թէ ինչպէ՞ս նոր միջավայր մը կրնայ ըլլալ եւ՛ փորձութիւն, եւ՛ հնարաւորութիւն ։
Անիին ու «Արջուկ»ին ճամբորդութիւնը գիւղ՝ լեցուն է ծիծաղով, անակնկալներով եւ լուրջ արկածներով։
Իսկ այն պահուն, երբ գիւղին փոքրիկ գառնուկը կը վտանգուի, «Արջուկ»ը կը ցուցաբերէ իր իսկական բնազդը՝ դառնալով գիւղին հերոսը։
Այս էջերէն փոքրիկդ պիտի սորվի, որ վստահութիւնը, համբերութիւնը եւ սէրը միշտ կը յաղթեն։
Շտապէ՛ ծանօթանալ «Արջուկ»ին նոր արկածին ու բացայայտել անոր քաջ, բայց սրտաբաց էութիւնը։
