Skip to content

«Արջուկը Դպրոց Կ՚երթայ»

Զանգը հնչեց, դասը սկսաւ, բայց ամենաբծախնդիր «աշակերտը» դուրս մնաց։

Ինչպէ՞ս սորվեցնել համբերութիւն, պատասխանատուութիւն եւ բարութիւն՝ առանց դասի ու խրատներու։

Պարզապէս բացէ՛ք «Արջուկ՝ մեծ քաջ գամփռը» շարքին «Արջուկը Դպրոց Կ՚երթայ» գիրքը՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1630

Ամառը կը վերջանայ, Անիին դպրոցական առաջին օրն է, բայց Արջուկը չի հասկնար թէ՝ ինչո՞ւ ինք չի կրնար անոր հետ դպրոց երթալ։

Ան կը փորձէ ամէն ինչ՝ կը փախչի, կը վազէ, կը խառնուի աշակերտներուն մէջ, եւ իր կամքէն անկախ՝ կը վախցնէ շատերը…

Մինչեւ որ կը սորվի աշխարհի ամենագեղեցիկ բաներէն մէկը՝ ուրիշներուն օգնելը։

Սա պատմութիւն մըն է մանկական անմեղութեան, նուիրուածութեան եւ սիրոյ մասին։

Գիրք մըն է, որ երբ կարդաս, պիտի ըսես՝ «Ահա թէ ինչպէս կը ձեւաւորուին բարի մարդիկ»։

Կարդա՛ ու համոզուիր, որ կեանքի ամենայաջող դասը յաճախ տեղի կ՛ունենայ ոչ թէ դասասենեակին մէջ, այլ՝ դասարանէն ու դպրոցէն դուրս ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *