Skip to content

«Արջուկը եւ նոր դրացիները»

Երբ երեխաները կը վախնան «Արջուկ»էն, իսկ մեծ սիրտ ունեցող շունը՝ պարզապէս կ’ուզէ ընկերանալ։ Ահա թէ ինչ գեղեցիկ պատմութիւն կը պատմէ այս մասին մեր «Արջուկ՝ Մեծ Քաջ Գամփռը» շարքին նոր գիրքը՝ «Արջուկը եւ նոր դրացիները»։

https://vlume.com/hye/item/EB-1653

Վստահ եղէք՝ գիրքը պիտի գրաւէ ձեր երեխային սիրտը առաջին իսկ էջէն։ Սա ոչ միայն նոր դրացիներու հետ ծանօթանալու պատմութիւն է, այլ վախը յաղթահարելու, վստահութիւն ստեղծելու, բարութեան ու քաջութեան մասին ամենաազդու մանկական պատմութիւններէն է, որուն մէջ մեր սիրելի «Արջուկ»ը՝ հսկայ մարմնով, բայց բարի սրտով, կ’անցնի փորձութիւններէ՝ ապացուցելով, որ ինք գիտէ իսկական ընկերութիւնը։ Գիրքը կը փաստէ, որ ամենամեծ վախդ կրնայ օր մը դառնալ շատ դրական բանի մը։ Ձեր երեխան պիտի սիրէ ոչ միայն այս գիրքը, այլեւ մեր բարի «Արջուկ»ը։ Պարզապէս անհնար պիտի ըլլայ փակել գիրքը՝ առանց քաղցր ժպիտի։ Պատմութիւն, որ երեխաները պիտի կարդան մէկ անգամ, բայց պիտի յիշեն միշտ։ 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *