Skip to content

«Արջուկը Պարտէզը Կը Պահպանէ»

Կը յիշէ՞ք մեր քաջ գամփռը՝ «Արջուկ»ը, այդ փոքրիկ բարեկամը, որ կը սորվէր լսել, մտածել ու պաշտպանել իր ընտանիքը։ Այժմ անոր պատմութիւնը կը շարունակուի։

Երրորդ հատորը արդէն կրնաք գտնել այստեղ՝ https://link.vlume.com/item/EB-1626

«Արջուկը Պարտէզը Կը Պահպանէ»։

«Արջուկ»ը արդէն մեծցած է։ Այս անգամ ան կանգնած է նոր հարցի առջեւ՝ պէտք է վայրի խոզերէն պաշտպանէ մեծ մամային սիրելի բանջարանոցը։ Բայց արդեօ՞ք կարելի է ըլլալ ե՛ւ քաջ, ե՛ւ ուշադիր ու նուրբ։

Այս յուզիչ պատմութեան ընթացքին Անիին հաւատարիմ «Արջուկ»ը կը սորվի, որ ուժը միայն մկաններուն մէջ չէ, այլ նաեւ սրտին։ Երբ գիշերը վայրի խոզերը կ՚իջնեն լեռներէն, «Արջուկ»ը կը դառնայ իսկական պահապան։

Գիրքը սիրոյ, խիզախութեան մասին է, ինչպէս նաեւ ընտանիքի եւ բնութեան հանդէպ հոգատարութեան։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *