Skip to content

Աքպարի ու Պիրպալի պատմութիւնները․ փոքրիկ դասեր կեանքի մեծ արժեքներու մասին։ «Աքպար եւ Պիրպալ»

Սիրելի՛ ծնողք,

վստահ ենք, որ ձեր երեխային բազմակողմանի զարգացումով հետաքրքրուած էք:

Վլում մանկապատանեկանի «Համաշխարհային գանձեր» շարքին «Աքպար եւ Պիրպալ» գիրքը այդ հարցին մէջ պիտի օգնէ ձեզի՝ https://vlume.com/item/EB-1606

Երեխաները կը սիրեն պատմութիւններ, բայց երբ պատմութիւնը միաժամանակ եւ՛ զուարճալի է, եւ՛ իմաստուն, կը դառնայ իսկական նուէր անոնց համար։

Այս գիրքին մէջ երեխաները պիտի գտնեն Հնդկաստանի յայտնի կայսր Աքպարի ու անոր խորհրդական Պիրպալի հեքիաթային պատմութիւնները, ժպիտ եւ խելք պահանջող փորձութիւններ։

Վիճակներ՝ ազնուութեան, համբերատարութեան ու խելացութեան։

Հեքիաթներ, որոնք պիտի օժանդակեն հասկնալու՝ թէ ի՛նչ է իրական խաղաղութիւնը, ի՛նչ արժէք ունի խոստումը, եւ ի՛նչպէս փոքրիկ լոյս մը կրնայ դառնալ յոյս։

Գիրքը ոչ միայն հետաքրքրական է ընթերցանութեան համար, այլեւ ուղի է կեանքի, որ կը սորվեցնէ մտածել 💭, հարցումներ ընել եւ ճիշդ լուծումներ գտնել։

Կարդացէ՛ք այս պատմութիւնները ձեր երեխային քնանալէ առաջ եւ վստահ եղէ՛ք, որ անոնք երկար ատեն պիտի յիշեն ու քննարկեն ձեզի հետ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *