1878ին Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասին մէջ լոյս աշխարհ եկաւ մանուկ մը, որուն վիճակուած էր դառնալ ոչ միայն հայ, այլեւ միջազգային բոլոր չափանիշերով աչքառու երեւոյթ։ Այդ մանուկը յետագային դարձաւ դարուս հինգ նշանաւոր կիներէն մէկը։ Զապէլ Յովհաննէսեանն էր, որը ամուսնանալով նկարիչ Տիգրան Եսայեանի հետ, դարձաւ ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ։
Հայ գրականութեան մէջ Զ. Եսայեանը այն գրագիտուհին է, որուն հոգեբանական վէպերը հիւսուածքով դեռ անգերազանցելի են։ Զապէլ Եսայեան կը փնտռէր կնոջ նուրբ զգացումներն ու կը թափանցէր կնոջ հոգիին նուրբ խորքերը։ Ոչ ոք մեր գրականութեան մէջ իրեն չափ չթափանցեց կնոջ փխրուն հոգիին մէջ՝ ներկայացնելու համար կնոջ լուռ տառապանքներն ու թաքուն թափուած արցունքները։ Կնոջ հոգիին գաղտնարանն այցելած գրողը այսպէս կը մտածէր.
«Կինը աշխարհ չէ եկած մինակ հաճելի ըլլալու համար։ Կինը ծնած է իր խելքը, մտային, բարոյական եւ ֆիզիքական յատկութիւնները զարգացնելու համար։ Ինքզինքնին յարգող բոլոր կիներուն իտէալը միայն հաճելի ըլլալը պէտք չէ ըլլայ, այլ երկրիս վրան գործօն բարերար մը դառնալը»։
Դարու գրագիտուհին իւրայատուկ էր ամէն ինչով․ ան ե՛ւ հերոսերգակ էր, ե՛ւ տառապանքի կենսագիր, ե՛ւ փխրուն կին, ե՛ւ ըմբոստ կին։ Ինչպէս Թումանեան կը բնութագրէ․ «ան պայծառ ստեղծագործութիւն էր, արիւնախառն ու հերոսական էջերով»:
Մարդկութեան պատմութեան ամենախիզախ կիներէն մէկը չմնաց պատմութեան խորքերը, այլ քայլեց ու այրուեց ժամանակի հետ, ժամանակի համար»։
Զապէլ Եսայեանին համբաւաւոր ըլլալու փաստերը շատ- շատ են, անոնցմէ մէկն ալ այն է, որ 2018 թուականին ու Մարտի 8ին՝ Կանանց Միջազգային Օրը, Փարիզի փողոցներէն մէկը անուանուեցաւ Rue Zabel Yesayan:
Դարուս կնոջ ամենայայտնի ստեղծագործութիւնները կարդացէ՛ք մեր մօտ։
Զապէլ Եսայեան՝ https://vlume.com/hye/person/EN-23