Skip to content

Գրիգոր Զօհրապին պատասխանը Դուրեանին մօրը հարցումին

Անգամ մը լեռնային ամառանոցին ճամբուն Զօհրապը կը հանդիպի Պետրոս Դուրեանին ծեր մօրն ու եղբօրը։ Զօհրապը կը գրկէ Դուրեանին 80-ամեայ մօրը եւ զայն տիրամայր անուանելով՝ դանդաղ քայլերով կը բարձրացնէ լեռը։ Միասին բնութեան գիրկը պատառ մը կ՛ուտեն, Զօհրապը երեխայի պէս կը կերակրէ Դուրեանին մօրը։ Վերադարձին Արուսեակ մայրիկը արցունքոտ հայեացքն կ՛ուղղէ գերեզմանատան, ուր թաղուած էր իր վաղամեռիկ որդին եւ կ՛ըսէ․

– Գրիգո՛ր Էֆենտիս, պէտք չէ՞ր, որ Պետրոսս ալ վայելէր կեանքը։Գրիգոր Զօհրապ կը պատասխանէ․

– Թանկագի՛ն մայր Արուսեակ, մահը ամենքնուս է, իսկ անմահութիւնը՝ շատ քիչերուն է տրուած․․․

(Ըստ Աղաւնի Մեսրոպեանին յուշերուն)
Իսկ անհահութեան արժանացած է ոչ միայն Դուրեանը, այլ եւ Զօհրապը։ Անոնք անմահացած են իրենց հայրենասիրութեամբ, իրենց բացառիկութեամբ, իրենց թողած ժառանգութեամբ՝

Պետրոս Դուրեան՝ https://vlume.com/hye/person/EN-32

Գրիգոր Զօհրապ՝ https://vlume.com/hye/person/EN-19

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *