«Պերճաբան էր Զօհրապ, բառի ամենալայն իմաստով, ճիշտ այնպէս կը խօսէր, ինչպէս որ կը գրէր։ Ուր որ ալ ըլլար` խորհրդարան, ազգային երեսփոխանական ժողով, որեւէ ընկերական հաւաքոյթ, գրական երեկոյ, երբ Զօհրապն էր խօսողը, բոլորը կը լռէին եւ բերանաբաց կը լսէին։ Ան կը նկարէր, կը քանդակէր կարծես իր պատմածը»։ Յուշեր Զօհրապի մասին
Զօհրապը գրական ասպարէզ կը մտնէ, երբ ընդամէնը 17 տարեկան էր եւ նորավէպի աշխարհին մէջ կը դառնայ անգերազանցելի ու Նորավէպի Իշխան: Նորավէպի առաջնորդին իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւնը ընթերցողին կը սովորեցնէ ուշադրութիւն դարձնել կեանքի ամենափոքր իրադարձութիւններուն ու անոնց կարեւորութիւնը շեշտել. «Մեծ պատահարները զիս անտարբեր կը թողուն։ Բայց մանր դէպքերը՝ չնչին ուրիշներու աչքին, լուրջ խորհրդածութիւններու նիւթ են ինծի»։
Զօհրապը 22-23 տարեկանին շատ խիստ հայեացքներ ունէր կիներու ազատութեան, անոնց դերին մասին: Ան կինը կը սիրէր կին ըլլալուն համար․ նուրբ ու հեզ: Զօհրապին համար բնութեան հակառակ էր երկու սեռերուն իրարու հաւասարութեան մասին նոր հայեացքները: Եւ ճիշդ սա էր պատճառը, որ ժամանակին զինք շատ քննադատած էին․ «Զօհրապին նորավիպական գրչին աշխարհը սահմանափակ է վերին աստիճանի։ Անիկա մէկ նիւթ միայն կը ճանչնայ- կինը»։
Հասաւ մէծ յաջողութիւններու, բայց երջանկութեան չհասաւ ի վերջոյ: Տեսաւ փառք ու ճանաչում, բայց ողբերգութեամբ վերջացաւ իր կեանքի ուղին: Զօհրապին սիրտը գեղեցկութեան շատրուան մըն էր, որ ժայթքեց ու անցաւ՝ լուսաւոր էջ թողնելով մեր գրականութեան մէջ:
Գրիգոր Զօհրապ՝ https://vlume.com/hye/person/EN-19