Այսօր արեւմտահայ բանաստեղծ Սիամանթոյի ծննդեան օրն է։
Բանաստեղծները կը ծնին` երգելու համար կեանքի գեղեցկութիւնները, հայրենական հողի եւ բնութեան քնքշանքները, ապրելու համար պայծառ երազներով, բայց հարուստ երեւակայութեան եւ նուրբ զգացումներու տէր այս բանաստեղծը երգեց հայրենիքի զաւակներու արիւնոտ ճակատագիրը, ապրեցաւ ու ստեղծեց ցնցող տրամադրութիւններու մթնոլորտի մէջ։
Գրողը երբեք չփոխեց իր քնարին լարերը, անոր երգերը դարձան իր եղերական բախտին յուշարձանը, անոր ստեղծագործութիւնները մինչեւ այսօր կը պահպանեն նաեւ իրենց ճանաչողական նշանակութիւնը։
Սիամանթոն կ՚ապրի սերունդներու հետ, իր հայրենիքին հետ։
Բանաստեղծը, որ այնքան տառապիլ գիտէր եւ այնպէս երազել, իր մռայլ օրերուն գրած է.
«…Արդարութեան առաւօտը դաժանօրէն հեռու է, եւ իտէալիս երկինքները անյատակ…»
Ան կառուցեց այն սանդուղը, ուրկէ բարձրացան հայորդիներ։ Իւրաքանչիւր գրող անմահ է, երբ կը յիշեն ու կը կարդան անոր գրական ժառանգութիւնը։
Սիամանթօ՝ https://vlume.com/hye/person/EN-33