«Երջանկութիւնը կը նմանի ճափոնական այն տուփերուն, որոնց մէկը երբ բանաս, մէջը երկրորդ տուփ մը կը գտնես, ան ալ կը բանաս, դարձեալ տուփ մը կը գտնես, միշտ իրարմէ աւելի պզտիկ, մինչեւ որ վերջին տուփին կը հասնիս, ան ալ կը բանաս եւ կը տեսնես, որ մէջը պարա՜պ է»..․ Երուանդ Օտեան
Երջանկութեան իր տուփը փնտռող, բայց զայն միշտ պարապ գտնող մեծ երգիծաբանին՝ Երուանդ Օտեանին ծննդեան օրն է այսօր։ Օտեանը միայն երգիծաբան չէ, այլեւ արեւմտահայ ամենամեծ վիպասանն է: Իսկ իր գրած վէպերուն մասին Օտեան կ՛ըսէ՝ «Անոնք գրուած են օրը օրին, շատ անգամ տեղ լեցնելու համար: Անոնք, ներողութիւն, իմ ապօրինի զաւակներն են»: Երգիծաբանը արժանաւոր կերպով փոխարինեց Պարոնեանին, մեծապէս առաջ տարաւ հայ երգիծաբանութիւնը եւ զայն բարձրացուց համաշխարհային մակարդակի՝ զարկ տալով յատկապէս՝ քաղաքական երգիծանքին: Օտեանը կ՛ըսէր. «Չէ՛. միայն աղէկ գրուած գիրքերը չէ, որ կը մնան, այլ մանաւանդ անոնք, որոնք ժողովուրդին սրտին մօտիկ կը խօսին»: Ան իսկական գրողի մը սրբազան պարտքը կը համարէ խօսիլ ժողովուրդին սրտէն ու մտքէն, մեծ արուեստով արտայայտել ազգային եւ համամարդկային բարձր գաղափարներ։ Օտեան գերդաստանը լուսաւոր հետք թողուց հայոց մշակոյթի պատմութեան մէջ եւ ամենափայլունը եղաւ Երուանդ Օտեանը՝ «ծիծաղի համար ծնուած մեծագոյն հայ երգիծաբանը»։ Գրողը մեզի սորվեցուց, որ պէտք է կարդանք իր ստեղծագործութիւնները ծիծաղելու համար, բայց նաեւ յիշելու հայութեան անդարձ կորուստը։
Երուանդ Օտեան՝ https://vlume.com/hye/person/EN-11