Skip to content

Զարեհ Խրախունի

ԼԵՌՆ Ի ՎԵՐ
Այս այն լեռն է,
Որ ամէնուս բիբին խորն է բեւեռուած,
Որ ամէնուս մորթին տակն է – միս, ոսկոր,
Որ կ՚ապրի, գոյութիւն է, իրական,
Ու երազ է, առասպել է, անսահման…
Զարեհ Խրախունի

Այսօր հայ բանաստեղծութեան ինքնատիպ անհատականութիւններէն մէկուն՝ Զարեհ Խրախունիի ծննդեան օրն է։
Խրախունին իր նախորդներէն ժառանգած է ժամանակի ու դարաշրջանի ազատութեան, կամքի, փիլիսոփայութեան փորձը եւ վարպետի գրիչով կտակած մեզի։ Այնպիսի վարպետութեամբ, որ ամէն օր ու ամէն առիթի իրմէ խօսք ունինք իւրայատուկ դարձնելու մեր խօսքը:

Խրախունին կը գրէ․
«Ես պարտիզպանն եմ այս եզական պարտէզին»։
Եւ այդ պարտէզը սովորական չէ․ այդ պարտէզին մէջ հեղինակը «ցանած է» սէր, հայրենասիրութիւն, ազնուութիւն, յոյս ու լոյս։
Պարտէզ մը, որուն յաւերժական բնակիչը նոյն ինք է՝ Խրախունին, որ իր զուլալ ու համեստ քնարով միշտ գերած է եւ դեռ կը շարունակէ գրաւել իր ընթերցողները։

Զարեհ Խրախունի՝ https://vlume.com/hye/person/EN-27

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *