Ապրի հայը, որ գիտէ լռել միայն-
Օտարին դիմաց
Որ գիտէ կրել միայն-
Օտարին համար
Մինչդեռ անոնք մէկ բառ գիտեն
Մէկ բառ կ’ուզեն-
Տիրել միայն։ Զարեհ Խրախունի
Պոլսահայ բանաստեղծութեան ինքնատիպ գրողներէն մէկը՝ Զարեհ Խրախունին, ծնած է 1926 թուականին՝ այս օրը։ Առիթով մը Ռոպէր Հատտէճեան ըսած է․ « …Կ’արժէր որ ամէն Կիրակի, Ս. Պատարագի ընթացքին, Պատարագիչ մը իր սովորական աղօթքին մէջ յիշէր նաեւ մեր գրականութիւնը եւ ըսէր. Տէ՜ր, փրկէ ազգս հայոց, եւ պահէ, պահպանէ պարտէզը՝ ազգիս բանաստեղծութեան»:
Այդ պարտէզին յաւերժական բնակիչներէն է անկրկնելի Զարեհ Խրախունին, որ իր զուլալ ու անխարդախ քնարով յաւիտենապէս կը մնայ մեր ժողովուրդին անմահ պոէտներէն մէկը։ Մուտք գործելով գրականութենէն ներս՝ Խրախունին ունէր մեծ մտավախութիւն, թէ «շատ դժուար է արժէքաւոր գործ մը ստեղծել՝ տակաւին թարմ յիշատակներ ունեցող տիտան գրողներու շուքին տակ»։ Սակայն նման տաղանդի տէր բանաստեղծը ինչպէ՞ս կրնար չստեղծել արժեքաւոր ու մնայուն էջեր։
Որքան տաղանդաւոր է մարդը, այնքան ալ՝ համեստ։ Հարուստ կենսագրութիւն ունեցող գրողն այսպէս կ՛ըսէր՝ «Իմ կենսագրութիւնը շատ պարզ է։ Կարելի է զայն մէկ նախադասութեան մէջ ամփոփել»։ Խրախունին գրած է սիրոյ, հայրենասիրութեան, բնութեան մասին։ Գրողին բառերու ու տողերուն մէջ շունչ կայ, ազնուութիւն կայ, լոյս կայ։
Զարեհ Խրախունի՝ https://vlume.com/hye/person/EN-27