Skip to content

Զարեհ Խրախունի։ Ծննդեան օր

Աննշան բոյս – ազազուն տունկ – անարժէք թուփ չըլլալու
Նախապայմանը մէկ է –
Հո՛ղ ունենալ ոտքին տակ
Հողը բռնել – հողին կառչիլ
Արմա՛տ նետել հողին մէջ
Արմատանա՜լ – խորանալ…: Զարեհ Խրախունի
Ուսուցիչ, բանաստեղծ, պոլսահայ գրականութեան վառ ներկայացուցիչ՝ Զարեհ Խրախունիին ծննդեան օրն է այսօր:
Բանաստեղծը մեր անմիջական գրականութեան մէջ նոր ակօս մը բացած ըլլալու հպարտանքը կը ներշնչէ: Իր հրամցուցած տողերը ընթերցողին կ՛ընծայեն համոզում եւ վստահութիւն: Հոգեկան իր լուռ տագնապները զինաթափ կ՛ընեն ընթերցողը:
Պէտք է շեշտել նաեւ, թէ քերթողական իր տողերուն մէջ շարուած բառերը կեանքէն բխած են: Մէկ խօսքով, կեանքով լեցուն են` առանց անձնական եսի:
Իր մահով պոլսահայ գրականութիւնը  աւելի ճիշդը, հայ գրականութիւնը անփոխարինելի բաց մը արձանագրեց:
Ստեղծագործական ճամբու սկիզբին այն տարակուսանքը, թէ «շատ դժուար էր արժէքաւոր գործ մը ստեղծել՝ տակաւին թարմ յիշատակներ ունեցող տիտան գրողներու շուքին տակ»… դարձաւ հեռաւոր մտահոգութիւն։ Սակայն ան ստեղծեց ու անցաւ իր՝ Խրախունիական ճամբով, որ արժանի է միայն յարգանքի ու արժեւորման։  

Զարեհ Խրախունի՝ https://vlume.com/hye/person/EN-27

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *