Թորանեան հայի, գրողի ու մտաւորականի «Արձակ էջեր» գիրքը ընտրանի է տարբեր տարիներու հրատարակած ստեղծագործութիւններու հատորներէն։
Այստեղ Թորանեանի տարբեր ժամանակներու յուշերն ու հանդիպումներն են՝ նուիրուած զանազան մտաւորականներու։ Գրքին մէջ ամենէն յատկանշականը «Բարի հսկայ»ի՝ Ուիլիըմմ Սարոյեանին հետ հանդիպումն է․
«— Պարոն Սարոյեան, ի՞նչ բանի վրայ կը խնդաք, կամ ինչո՞ւ…
— Նախ ես պարոն չեմ, պարզապէս Սարոյեան եմ, որ ծնած է կեանքի հազար ու մէկ դժուարութիւններուն վրայ խնդալու համար, ծնած եմ փոքր խաբուած ժողովուրդի մը մէջ․․․»
Այս գիրքը միջոց է գրողին աւելի մօտէն ճանչնալու, ծանօթանալու անոր գաղափարներուն, ապրումներուն ու զգացմունքներուն։
Թորանեան կ՛ըսէր․ «Իմ բառարանիս մէջ յոգնիլ բառը չկայ»։ Թորանեան կը յոգնէր այն ժամանակ, երբ ի վիճակի չըլլար գործել։ Այո՛, կեանքը չյոգնեցուց մտաւորականին, եւ ան կրցաւ մեզի ձգել հարուստ ու արժէքաւոր ժառանգութիւն, որոնցմէ մէկն էլ սա է։
Արձակ էջեր՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1353