«Մենք երկրէն մասնիկներ ենք: Այսինքն Վանն է, Սասունը, Մուշը: Ս. Կարապետն է, Նեմրութը: Մագնիս է երկիրը: Ուր ալ երթանք, որ երկիրն ալ շլացնէ մեր նայուածքը, հոգիի աչքերով Ուրարտական մեր արմատին կապուած ենք: Այդ հին ու չհինցող արմատին նորաբողբոջ ծիլերն ենք»: Թորոս Թորանեան
Հալէպահայ յայտնի, սիրուած ու տաքսիրտ գրող, հրապարակախօս, արձակագիր, հասարակական գործիչ եւ բժիշկ Թորոս Թորանեանը յայտնի է յատկապէս իր բազում ճամբորդութիւններով ու այդ ճամբորդութիւնները մէկ առ մէկ եւ իր համեղ ոճով արձանագրութիւններով։
Այս առումով բացառութիւն չէ նաեւ իր «Թթխմոր» գիրքը։ Գիրքը կարծես յուշագրութիւն է, ուր հեղինակը կը ներկայացնէ իւրաքանչիւր նոր քաղաք այցելելուն թէ ի՛նչ յայտնի հայու հանդիպած է։ Կը ներկայացնէ այդ բոլոր հանդիպումները՝ հետաքրքրական պատմութիւններով համեմուած։ Գրողը կը խօսի նաեւ իր ուսանողական տարիներուն մասին։ Թորանեանին իւրաքանչիւր հանդիպումը, իւրաքանչիւր ճամբորդութիւնը իւրաայատուկ համ ու հոտ տուած է իր գրքերուն։
Գիրքը կարդալու համար պարզապէս սեղմեցէք այստեղ՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1358