Skip to content

«Թուաբանութիւն (չ)սիրող սկիւռը»

Կը յիշէք մեր աշխոյժ Սօսոն, փշոտ, բայց բարի Զինոն, ամչկոտ Կիկոն ու իմաստուն Ռօրոն։

Այս անգամ ալ Սօսոն դժուարութեան մէջ է՝ կը կարծէ, թէ թուաբանութիւնը զինք չի սիրեր (կամ գուցէ ի՛նքն է, որ չի սիրեր թուաբանութիւնը)։

«Թուաբանութիւն (չ)սիրող սկիւռը»` https://vlume.com/hye/item/EB-1635

Բայց երբ ընկերները մէկը միւսին ետեւէն ցոյց կու տան, որ առանց թիւերու նոյնիսկ հատապտուղները ճիշդ բաժնել պիտի չկրնայ առանց հաշուել գիտնալու, ամէն բան կը փոխուի։

«Թուաբանութիւն (չ)սիրող սկիւռը» ջերմ, զուարճալի եւ խրախուսող պատմութիւն է՝ սորվիլը սիրելու մասին, երբ կողքիդ կան իսկական ընկերներ։

Սա պատմութիւն մըն է՝

պարզ ու խաղային ձեւերով թուաբանութիւն սորվելու մասին,

ընկերութեան, համբերութեան եւ փոխօգնութեան մասին։

Իսկ գունագեղ նկարազարդումները չեն ձգեր, որ ձեր երեխաները գիրքէն բաժնուին։

Բացայայտեցէ՛ք, թէ ինչպէ՛ս Սօսոն սորվեցաւ սիրել թիւերը՝ մատներով, ժպիտով եւ համեղ հատապտուղներով

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *