Կը շարունակենք իւրացնել մեր մայրենի լեզուն, իհարկէ, համապատասխան գիրքերու շնորհիւ։ Գիրքերու ցանկը մեզմէ, իսկ սիրով իւրացնելը՝ ձեզմէ։
Ցանկը նախատեսուած է 5-րդ դասարանցիներու համար, կամ անոր յարմար ընթերցողներուն։
Ցանկ՝ https://vlume.com/hye/my-list/reading-list/1167
Իւրաքանչիւր հայերէն բառ, որ կ՛իւրացնես, նոր գանձ մըն է։ Պատկերացո՛ւր, որ իւրաքանչիւր բառ փոքրիկ աստղ մըն է, որ կը պայծառացնէ քու մտքիդ երկինքը։ Որքան շատ կը կարդաս, այնքան աւելի շատ աստղեր կը վառին քու երկինքիդ մէջ։
Ի՞նչ կու տայ քեզի ընթերցումը՝
• ան կ’օգնէ մեզի պահպանել մեր մայրենի լեզուն,
• կը ծանօթանանք հայ մշակոյթին ու պատմութեան,
• կը հարստացնենք մեր բառապաշարը,
• կը զարգացնենք մեր երեւակայութիւնը։
Յիշենք, որ ամէն անգամ, երբ հայերէն կը կարդանք, ոչ միայն կ’իւրացնենք լեզուն, նոր գիտելիքներ ձեռք կը բերենք, այլեւ կը պահպանենք մեր լեզուն ու մշակոյթը։
Եկո՛ւր միասին ճամբորդենք գիրքերու հրաշալի աշխարհին մէջ։ Վերը նշուած ցանկէն ընտրէ՛ քեզ հետաքրքրող գիրքդ եւ սկսէ՛ քու նոր մթնոլորտդ։
Յիշէ՛՝ լաւ ընթերցողը լաւ մտածող է։