Skip to content

Ի՞նչ կարդալ, յետոյ ի՞նչ կարդալ, յետոյ ի՞նչ․․․ ըսենք 6-րդ կարգ ենք

Ո՞ր գրքերը հասանելի են 6-րդ դասարանցիներուն՝ հայերէնը աւելի լաւ իւրացնելու եւ ամրապնդելու համար։

Ցանկ՝ https://vlume.com/hye/my-list/reading-list/643

Հայերէն գիրքեր ընթերցելը էական բան է ոչ միայն լեզուն իւրացնելու համար, այլ քանի որ անոնք կը կապեն մեզ մեր արմատներուն, հայրենիքին, նոյնիսկ երբ մենք հեռու կ՛ապրինք։ Ընթերցանութիւնը նման է կախարդական գորգի վրայ նստելուն։ Առաջին պահուն դուն նստած ես տեղդ կամ սենեակդ, իսկ յաջորդ պահուն արդէն հոն չես, կը թռչիս ուր որ ձեռքիդ գիրքը կը տանի քեզ․․․ հաւանաբար նոյնիսկ Արարատի գագաթին ես օր մը․ կը մտերմանաս գրողներուն եւ անոնց ապրած օրերուն հետ, այդ գիրքերուն հերոսներուն հետ․․․ կը հետեւիս Վարդան Մամիկոնեանին քաջագործութիւններուն կամ կը հասնիս Նարնիա եւ կը հանդիպիս Քասպիան իշխանին․․․ ո՜վ գիտէ։

Աւելի լաւ արդիւնքի հասնելու համար

Ամէն օր գոնէ 15 վայրկեան հայերէն կարդանք

Անծանօթ բառերը հարց չեն, քանի բառարանը առկայ է նաեւ

Կարդացածդ քու խօսքերովդ պատմէ ընտանիքիդ, շուրջիններուդ

Գրի առ քեզ հետաքրքրող բառերը, արտայայտութիւնները

Հարցումներ ուղղէ շուրջիններուդ կամ ուսուցիչիդ։

Մէկ խօսքով՝ ընդլայնէ մտքիդ հորիզոնը, իւրացուր հայերէնդ։

Իսկ վերջաւորութեան չմոռնաս հետեւիլ մեզի՝ տեսնելու, թէ որ տարիքային / դասարանային խումբի գիրքերու ինչ ցանկեր կրնանք հրամցնել, որոնք յաճախ կը հարստանան։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *