Քայլ առ քայլ իւրացնելով ու աւելի հմտանալով մայրենի լեզուի ուսուցման մէջ, կը յառաջանանք ու ահաւասիկ 7-րդ դասարան ենք։
Ահա այն գիրքերու ցանկը, որ կը համապատասխանեն տուեալ տարիքի / գիտելիքի տէր երեխաներու հմտութիւններուն։
Ցանկ՝ https://vlume.com/hye/my-list/reading-list/597
Հայերեն գիրքեր կարդալը ոչ թէ միայն կը հարստացնէ մեր բառապաշարը, կը բարելաւէ գրաւոր ու բանաւոր խօսքը, այլեւ կը զարգացնէ երեւակայութիւնը։
Իսկ վառ երեւակայութիւնը պիտի օգնէ գտնել նոր լուծումներ եւ մօտեցումներ կեանքի տարբեր իրավիճակներուն մէջ։
Որպէսզի ընթերցանութիւնը միշտ ըլլայ հաճելի՝
Ընտրենք տարբեր ժանրերու գիրքեր
Փորձենք գտնել այն գիրքերը, որոնք կը համապատասխանեն մեր հետաքրքրութիւններուն։ Չսահմանափակուինք միայն մէկ ժանրի գիրքեր կարդալով, այլ փորձեցեք կարդալ տարբեր ժանրերու գիրքեր՝ երեւակայական, գիտական, պատմական եւ այլն
Կարդանք հետեւողականօրէն
Օրական 20-30 վայրկեան մը նուիրենք ընթերցանութեան, օրինակ՝ կրնանք օրը սկսիլ կամ աւարտել գիրք կարդալով։
Քննարկենք մեր կարդացածը
Քննարկումները կրնանք կազմակերպել նաեւ մօտիկ մարդոց հետ։
Յիշենք՝ ընթերցանութիւնը մեր աճումին եւ զարգացման համար զօրաւոր միջոց է։
Կարդանք, երազենք եւ բացայայտենք նոր աշխարհներ՝ գիրքերու էջերուն միջոցով։