Ինչ գիրքեր ընթերցել, եթէ մենք ութերորդ դասարանի սփիւռքահայ աշակերտներ կամ համապատասխան հմտութիւններ ունեցողներ ենք։ Ահա թէ ինչ գիրքեր պէտք է ընթերցենք։
Ցանկ՝ https://vlume.com/hye/my-list/reading-list/1170
Նուրբ քայլերով առաջանալով, փորձենք հասնիլ աւելի ծաւալուն գիրքերու։ Այդ գիրքերուն շնորհիւ ոչ միայն աւելի կը հմտանանք եւ կը վարժուինք անոնց, այլեւ՝ շատ աւելի կը հարստացնենք մեր բառապաշարը, կ՚ընդլայնենք մեր մտահորիզոնը, կը զարգացնենք մեր երեւակայութիւնը։
Լեզուն արագ ու հեշտ սորվելու համար մեզի այս քանի մը կէտերը հաւանաբար շատ օգնեն՝
- Օրուան ընթացքին յիշենք 10 նոր բառ
- Լսենք հայերէն գիրքեր, եթէ կարելի է նաեւ դիտենք ֆիլմեր
- Աւելի շատ կամ յաճախ փորձենք հայերէնը գործածողներու հետ շփում ունենալ
- Հասանելի բառարան ունենալ, որպէսզի անծանօթ բառերուն նշանակութիւնը տեղւոյն մէջ պարզել
- Երբեք չվախնալ սխալելէ
Յիշենք՝ ընթերցանութիւնը միջոց մըն է՝ հասկնալու աշխարհը: