Skip to content

Խորհուրդ կու տանք կարդալ։ Զապէլ Եսայեան «Կեղծ հանճարներ»

Զապէլ Եսայեանը ո՛չ միայն հայ նշանաւոր գրող, այլ ազգային-հասարակական անուանի գործիչ է։ Զապէլ Եսայեանի տաղանդի մեծութեան մասին խօսած ու արձանագրած են ժամանակի անուանի գրողներն ու հրապարակախօսները: Թուրք նշանաւոր գրող՝ Էլիֆ Շաֆաքը իր «Ստամբուլի բիճը» յայտնի վէպին մէջ անգամ ընդգծած է Եսայեանի մեծութիւնը։ Գրողի մեծատաղանդութեան իրական չափն իմանալու համար պէտք է կարդանք անոր նշանաւոր գործերը։ Շատ խօսուած ու քննարկուած են Եսայեանի «Սիլիհտարի պարտէզներ» եւ «Աւերակներուն մէջ» գիրքերը, իսկ «Կեղծ հանճարներ» վիպակը այնքան ալ ծանօթ չէ ընթերցողներուն։ Այս գրքին մէջ մենք կը հանդիպինք թէ՛ երգիծանքի, թէ՛ ողբերգութեան : Գլխաւոր հերոսի միջոցաւ Եսայեան կը ներկայացնէ ու կը ծաղրէ Տիրան Չրաքեանը, նոյն ինքը՝ Ինտրան։ Ինտրան երբե՛ք չէր ընկալուած. անոր «տարօրինակ» կերպարը գրաւած է ժամանակակիցներէն շատերուն ուշադրութիւնը, զինք՝ շարքային միջակութենէն մինչեւ ազգային հանճար համարած են «խենթ»։ Եւ այս հանճար բառն ալ պատճառ դարձած է երգիծանքի ենթարկել նման «հանճարը» եւ զինք «հանճար» դարձնողներուն: Իսկ ինչո՞ւ ինքը՝ Չրաքեանը, գրագիտուհին նշած է. «….Տիրան Չրաքեան՝ միստիք փիլիսոփայ, որուն կրօնական մենամոլութիւնը հետզհետէ յիմարութեան սահմանները մտաւ»։ Եսայեանը այս վիպակին մէջ հանդես եկած է նաեւ որպէս գրաքննադատ՝ քննադատելով այն գրողները, որոնք ամէն ինչ կ’ընէին գրականութեան մէջ բացառապէս իրենց ես-ը ներկայացնելու եւ ընթերցողին ալ կը ձանձրացէին իրենց նեղ անձնական ապրումներով։ Այս մէկը վէպի երգիծանքի ամենափոքր մասն է, իսկ ողբերգականն այն է, որ նման կեղծ հանճարները շատցած են։ Խորհուրդ կու տանք այսպիսի հետաքրքրական գիրքը անպայման կարդալ։ Սկսինք հիմա․ Կեղծ հանճարներ՝ 

Կարդալ՝ https://vlume.com/hye/item/EB-755 

Լսել՝ https://vlume.com/hye/item/AB-5384

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *