«Հայրենիք մը ունէի թշուառ, ազգ մը ունէի ինձմէ աւելի ողորմելի, անոնց որոշեցի յատկացնել կենացս մնացորդը: Լինել առաջնորդ… Իւրաքանչիւր գրող պարտք ունի լինելու առաջնորդ»։ Գրիգոր Զօհրապ
Նորավէպի Իշխանի իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւն ընթերցողը կը լարէ ուշադրութիւն դարձնելու կեանքի ամենափոքր իրադարձութիւններուն, արժեւորել անոնք։ Զօհրապի նոր գիրքը՝ «Ծանօթ դէմքեր եւ պատմուածքներ»-ը բաղկացած է չորս մասերէ։ Հոն հեղինակը կը ներկայացնէ բազում ծանօթ դէմքեր, որոնք ժամանակի հայ գրականութեան հարուստ պատկերները կը կազմէին։ Անոնց շարքին են՝ Սիպիլը, Արփիար Արփիարեանը, Եղիա Տէմիրճիպաշեանը եւ այլք։ Ուղղախoս Զօհրապը կը պատմէ երեւելի դէմքերու մասին ոչ միայն հետաքրքրականօրէն, կարեւոր ու զուարճալի դէպքեր, այլեւ կ՛անդրադառնայ այդ օրերու երեսփոխաններուն, անարդարութիւններուն ու անգործնական օրէնքներուն։ Զօհրապի ներկայացուցած իրականութիւնը առաջին հայեացքէն ծիծաղ կ՛առաջացնէ, բայց իրականութեան մէջ շատ ցաւալի ու ողբերգական է։
Կարդանք եւ իրազեկ ըլլանք աւելիին՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1271