Հայ գիտաերեւակայական գրականութեան առաջամարտիկներէն մէկուն՝ Կարեն Սիմոնեանին «Մենք խաղալ էինք ուզում» գիրքը մանկապատանեկան պատմուածքներու ժողովածու է։ Իրարմէ տարբեր 12 պատմուածքներուն մէջ կը հանդիպին մեքենամարդեր, ապագայի արուեստագիտութեան եւ հեռաւոր մոլորակներու, բայց բոլորին կեդրոնը նոյնը կը մնայ մարդը։ Գիրքը կը զարգացնէ ձեր երեւակայութիւնը եւ արագօրէն կը գտնէք քանի մը հարցերու պատասխաններ, օրինակ՝ովքե՞ր էին բաց սրճագոյն / կասիայի գոյնով մարդիկըո՞վ էր տիեզերքէն այցելողըեւ վերջապէս, ո՞վ կամ ի՞նչը կը խոչընդոտէր մանուկներուն խաղը։ «Մենք խաղալ էինք ուզում» գիտաերեւակայական գիրքը կրնաք կարդալ մեր գրադարանէն նաեւ աւանդական ուղղագրութեամբ։
«Մենք խաղալ էինք ուզում»՝ https://link.vlume.com/item/EB-1529