Հայ հասարակական-քաղաքական գործիչ, ղեկավար, գրող Սիմոն Վրացեանին ամենայայտնի գիրքին՝ «Կեանքի ուղիներով»-ի Ե. հատորը այժմ հասանելի է ո՛չ միայն ձայնային տարբերակով, այլեւ՝ ելեքտրոնային։ Գիրքը կրնաք կարդալ մէկ հպումով.
Կեանքի ուղիներով Ե. հատոր՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1493
Այս հատորին մէջ հեղինակը ուզած է քննութեան ենթարկել Հայաստանի պատմագրական գործերը, բայց, դժբախտաբար, ժամանակի պայմաններուն մէջ կարելի չէ եղած։ Գիրքը իր մէջ կ’ընդգրկէ 1918 Մայիս 28-էն մինչեւ 1921 թուականները՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը։ Այն ժամանակաշրջանը, երբ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան վարչապետը ինքն էր՝ Սիմոն Վրացեանը։ Ինչպէս նախորդ հատորներուն մէջ, այնպէս ալ հոս, հեղինակը իր պարտքը կը համարէ նորէն կրկնել, որ ինք գրած է միայն այն, ինչ որ տեսած, զգացած եւ ապրած է։ Իսկ թէ ինչ տեսած, ապրած ու զգացած է Վրացեանը, կը ձգենք ձեզի, որ դո՛ւք բացայայտէք։