Skip to content

«Կինը հիմն է, եթէ կ’ուզէք, ակն ու աղբիւրը ցեղի մը։ Կինը ցեղի մը ներշնչումն է»։ Զապէլ Եսայեան

Ամերիկեան պարբերականները զինք կը նկատեն աշխարհի ամենախիզախ հինգ կիներէն մէկը։ Ան 20-րդ դարու մեծագոյն գրող, հրապարակագիր, մարդասէր, ֆեմինիսթ Զապէլ Եսայեանն է։
Ծնունդով Զապէլ Յովհաննէսեան անունը առաջին անգամ ընթերցողին ծանօթ դարձաւ Արշակ Չօպանեանի «Ծաղիկ» հանդէսին մէջ տպուած յօդուածին շնորհիւ։
Հայկական մշակոյթի եռուն շրջանին մէջ գրող եւ սեռերու հաւասարութեան ու յատկապէս կնոջ իրաւունքներու պաշտպանութեան համար պայքարող (activist) Զապէլ Եսայեանը անուանի հայ մտաւորականի համբաւ ձեռք բերաւ: Թէեւ բազմաթիւ առիթներով Եսայեանը նշած է, որ ինք ֆեմինիսթ չէ («Բարեկամս, գիտես որ բնաւ ֆեմինիսթ չեմ…», «Կը կարծեմ որ եթէ ֆեմինիսթները իրա՛ւ խելացի ըլլային, այդ իրաւունքը որ ունէին ձեռքէ չէին հաներ»), սակայն անոր կեանքն ու գործունէութիւնը ոչ այլ ինչ են, եթէ ոչ պայքարող ու մարտնչող կնոջ օրինակ, որ մինչեւ այսօր կը ներշնչէ շատերը:
Զապէլ Եսայեան՝ https://vlume.com/hye/person/EN-23

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *