Այս օրը ծնած է արեւմտահայ հանճարեղ բանաստեղծ, բժիշկ, նուիրեալ հայրենասէր Ռուբէն Սեւակը: Եթէ Սիամանթօն երգեց հայրենիքի ցաւը, կոտորածն ու արհաւիրքը, Վարուժանը իր քնարը ծառայեցուց անցեալի փառքի վերադարձին, ապա Սեւակը իր քնարին մէջ ներդաշնակեց այս բոլորը՝ երգելով առաքինի մարդը, հայրենիքն ու սէրը։ Այս բոլորին զուգահեռ անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ սէրը, որ անվերջ կը ձգտի «բացարձակ իտէալին»:
Ամէն անգամ երբ կը թերթենք Ռուբէն Սեւակի գիրքերը, ակամայ կը յիշենք անոր փափաքը եւ համոզուած կ’ըսենք, որ իրականացած է. «Անչափ կը փափաքիմ, Դանիէլ, որ մեր յետնորդները յիշեն մեզ: Յիշեն Դանիէլ Վարուժան եւ Ռուբէն Սեւակ գրողներուն, հայերուն, խաւար գիշերներու արեւերգուներուն: Կը փափաքիմ, որ կարդան ու ըմբռնեն խօսքերս»:
Սեւակը իր գործերով, թողած ժառանգութեամբ եւ նահատակութեամբ նուաճեց յաւերժութեան դափնին, որ վիճակուած է միայն ընտրեալներուն:
Այսպէս անմահացաւ Ռուբէն Սեւակը, յաւերժական Մարդը, յաւերժական Ուղեւորը:
Ռուբէն Սեւակ՝ https://vlume.com/hye/person/EN-13