Skip to content

Հայերէն փոխանցելու գործին մէջ Vlume-ին ներդրումը

Մեր օրերուն որքա՛ն դժուար է երեխաներուն մէջ սէր արթնցնելը դէպի ընթերցանութիւն, կրկնակի դժուար է նոյնը օտար ափերու վրայ, երբ անոր հետ միատեղ կայ նաեւ լեզուին իւրացնելու, լեզուին տիրապետելու խնդիրը։ Արհեստագիտական (թեքնոլոճի)ի դարաշրջանին մէջ, ինչպէ՞ս կրնանք սէր արթնցնել երեխային մէջ դէպի հայ գիրքը, փոխանցել ու իւրացնել տալ լեզուն, մայրենի լեզուն, եթէ ոչ նոյն իր սերունդին միջոցներով՝ արհեստագիտութեամբ (թեքնոլոճիով)։ Վլումին ընձեռած բազում դիւրութիւններուն կողքին կայ նաեւ հաճոյքը՝ ունկնդրելու։ Օտար ափերուն մէջ ապրող մանուկը, որուն մայրենին լսելու կարելիութիւնը կա՛մ բախտաւոր պարագային նուազագոյնի իջած է եւ շատ անգամ ալ բոլորովին անհետացած, մեր ձայնային գիրքերու շարքը կ՛օգնէ անոր ականջները լեցնելու հայերէնով։ Ու երբ ուղեղը լեցուն է լեզուով մը, անով խօսիլը այնքան կը հեշտանայ։ Անընդհատ համալրուող մեր գրադարանը թոյլ կու տայ առանձնացնել գիրքերու ցանկեր՝ տարբեր տարիքային խումբերու, լեզուի իմացութեան տարբեր մակարդակներ ունեցող երեխաներու համար։ Այդ ցանկերը իրենց մէջ կը ներառեն ինչպէս հայ հեղինակներու գիրքեր, այնպէս ալ թարգմանական գրականութիւն եւ, իհարկէ, ֆիլմաշար։ Եթէ կը փափաքիք բարելաւել ձեր երեխային լեզուական կարողութիւնները, բայց չէք գիտեր, թէ ո՛ր գիրքերը պիտի նպաստեն անոր, ապա գրեցէք մեզի, մենք անպայման ցանկով օգտակար պիտի ըլլանք։ Վլումին ընդմէջէն կրնաք ընթերցել, ունկնդրել, իւրացնել, դիտել ու վայելել հայերէնը։

Web: https://vlume.com/

Android: https://vlume.com/download/android

iOS: https://vlume.com/download/ios

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *