«Հայուն կարօտէն ծնաւ այսօրուան Հայաստանը։
Հայուն կարօտէն չի կրնար չծնիլ եւ վաղուան Հայաստանը իր Վանով, Սասունով, Մուշով։
Թող բոցավառի վաղուան Հայաստանի կարօտին կրակը բոլոր, բոլոր հայերու հոգիներէն ներս, Արարատեան դաշտէն մինչեւ Ափրիկէի խորերը․.. »։ Թորոս Թորանեան
Այսօր հալէպահայ յայտնի ու սիրուած գրող, հրապարակախօս, արձակագիր, հասարակական գործիչ եւ բժիշկ Թորոս Թորանեանի ծննդեան օրն է։
Երկար, դժուարին, բայց պատուաբեր ճամբէ կտրած է Թորոս Թորանեանը: Ինչպէս գրողը կը խոստովանի, անդադար վազած է «կեանք կոչուող սա անվերջանալի ճամբուն վրայ», բայց երբեք չէ յոգնած, չէ տրտնջացած, չէ ընկճուած դժուարութիւններէն: Անոր համոզումն էր, թէ «Ժողովուրդ մը չի մեռնիր: Ժողովուրդ մը անձնասպան կ’ըլլայ՝ երբ ոտքին տակ հայրենի հող չունի»: Թորանեանը բազմաժանր գրող էր եւ իր բազմաոճ ստեղծագործութիւններուն ու մեծ վաստակին համար 2012 թուականին արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» մետալին։ Թորանեանը շատ է ճամբորդած եւ այդ ճամբորդութիւններուն մասին շատ անդրադարձած է իր գրքերուն մէջ։ Այստեղ յատկանշականը այն է, որ ուր ալ եղած է գրողը բարձր պահած է ՀԱՅ եւ ՀԱՅԱՍՏԱՆ անունները, կարծես թէ կատարած ըլլար Սարոյեանի յայտնի խօսքը․ «Ուր որ կ՛երթաս, պոռա՛ Հայաստա՛ն»: «Երանի Սփիւռքի ամէն հայ Թորանեանի նման այդքան գործ անէր Հայաստանի եւ նրա մշակոյթի համար»: Գէորգ Էմին
Գուցէ շատերը լաւ չեն ճանչնար Թորանեան հայը եւ այս բացառիկ առիթ է բանալու անոր գրքերէն որեւէ մէկը եւ իր գրիչով հարստանալ ոչ միայն տեղեկութիւններով Թորանեանի կեանքին, այլեւ տարբեր ու հետաքրքրական դէպքերու մասին՝ յայտնի հայերու մասնակցութեամբ
Թորոս Թորանեան՝ https://vlume.com/hye/person/EN-523