Կ՚ուզէ՞ք ձեր զաւակը աշխարհի ծովերուն մասին գիտելիքներով հարստանայ առանց ոտքերը անգամ թրջելու:
Այո՞, ուրեմն սկսինք… մեզի պիտի օգնէ «ՄԵՐ ԵՐԿԻՐ ՄՈԼՈՐԱԿԸ» շարքին «Ծովեր եւ ովկիանոսներ» գիրքը՝ https://link.vlume.com/item/EB-1601։
Մեր մոլորակը սիրով, ժպիտով ու համբերատարութեամբ պիտի պատասխանէ շատ հարցումներու եւ ահա այսպիսի երկխօսութիւն տեղի պիտի ունենայ Երկիր մոլորակին եւ ձեր զաւկին միջեւ։
— Երկի՜ր, ինչո՞ւ մեծ մասդ ջուր է։
— Որովհետեւ ջուրը կեանք է, սիրելի պատանի։
— Իսկ ո՞վ է ամենամեծ ջուրի տարածքդ։
— Խաղաղական ովկիանոսը։ Բայց անունով մի՛ խաբուիր — միշտ չէ որ խաղաղ է։
— Իսկ Սեւ ծովը իրա՞ւ սեւ է
— Ո՛չ։ Հիմա պիտի ըսեմ՝ թէ ի՛նչ է գոյնը։
— Իսկ սառած ծովե՞ր ալ կան։
— Այո՛։ Արքտիկական ու Անտարկտիկական ովկիանոսներս ծածկուած են սառոյցով, բայց իրենց խորքը կեանք կայ…
Այս հարց ու պատասխանին շատ փոքրիկ մասն է ընդամէնը։ Այս հարցերուն Երկիրը կը պատասխանէ շատ բովանդակալից, ամէն պատասխան կը ներկայացնէ նաեւ վառ ու գունագեղ նկարներով, որոնք հազուագիւտ են։
Երբ հետաքրքրութիւնը մեծ է՝ պատասխանները հետաքրքրական են
Գիրք մը, որ պիտի սիրեն թէ՛ ձեր զաւակները, թէ՛ դուք, սիրելի՛ ծնողներ