Անտառի Փոքրիկ Հերոսները կը վերադառնան նոր պատմութեամբ։
Եթէ դուք արդէն սիրած էք Սօսոյին խանդավառութիւնը, Զինոյին փափուկ սիրտը, Կիկոյին համեստութիւնը եւ Ռօրոյի իմաստութիւնը, ապա շարքին «Ձիրքերու Հանդէս» գիրքը աւելի պիտի սիրէք։
Այս նոր պատմութեան մէջ մեր հերոսները կը մասնակցին անտառի ամենասպասուած առիթին՝ Ձիրքերու Տարեկան Հանդէսին։ Բայց այս անգամ ուշադրութեան կեդրոնը Զինոն է՝ դուրսէն փշոտ, ներսէն՝ ամենաբարի ոզնին։
Ան կ՚երազէ Ռուպիքին խորանարդը մէկ վայրկեանէն լուծել, բայց… առաջին անգամ չի յաջողիր.
Եւ ճիշդ հոն է, որ կ՚երեւի այն, ինչ որ մենք այս շարքին մէջ ամենէն շատ կը սիրենք․
Սօսոյին խանդավառ աջակցութիւնը,
Ռօրոյին յուսադրող իմաստութիւնը,
Կիկոյին համբերատար հաւատքը,
Եւ ամենէն կարեւորը՝ Զինոյին չյանձնուող ոգին։
Այս պատմութիւնը դարձեալ կը յիշեցնէ մեզի, թէ ինչու այս շարքը սիրելի է ե՛ւ երեխաներուն, ե՛ւ ծնողներուն համար։
Իսկական յաղթանակը կատարեալ ըլլալը չէ, այլ՝ փորձելն է, վստահիլը, իյնալն ու ելլելը, եւ․․․ կողքիդ կեցած ընկերները։
Գիրքը շարունակութիւնն է այն մեծ գաղափարին, որ շարքը իւրաքանչիւր էջին մէջ կը փոխանցէ՝ հերոսութիւնը մեծ մկաններուն մէջ չէ… հերոսութիւնը մեծ սրտերուն մէջ է։
Եթէ ձեր երեխան արդէն կապուած է անտառի այս ընտանիքին հետ, ան պիտի սիրէ այս պատմութիւնը եւս։
