Skip to content

Միսաք Մեծարենց։ Ծննդեան 140-ամեակ

«Իմ մտահոգութիւնս, իմ մեծ ծարաւս իսկական գրականութեան գաղափարին իրականացումն է։ Եւ ասոր համար, գէթ իմ մասին, անհրաժեշտութիւնը կը զգամ հողին, ջուրին ու քարին հետ ապրելու»։ Միսաք Մեծարենց

20-րդ դարու սկիզբը ասպարէզ ելաւ նոր տաղանդ մը՝ պատանի բանաստեղծ մը, որ կը հիւսէր զարմանալիօրէն քնքուշ ու գերող մեղեդիներ։ Այդ պատանին Միսաք Մեծարենցն էր։

Այսօր հանճարեղ պատանիին ծննդեան 140-ամեակն է։

Բանաստեղծին ստեղծագործական սկիզբը զուգադիպեցաւ իր կեանքի մայրամուտին։ Վաղանցուկ կեանքին մէջ հիւսուած երգերը խոր ազդեցութիւն գործեցին հայ բանաստեղծութեան ուղիին վրայ։ Աշակերտական տետրերուն մէջ գրուած այդ երգերը գեղեցկութեան նոր հորիզոն մը բացին՝ կախարդելով սերունդներ։ Մեծարենց երգեց բնութիւնը, գարնան զարթօնքը, կեանքը ինքնին։

Բանաստեղծը կը փափաքէր ձուլուիլ արեւուն շողերուն, այրիլ ջերմութեամբ, կեանք եւ շունչ ստանալ։

«… Շողա՛, շողա՛, բարի՜ արեւ, հիւա՜նդ եմ…»

Բանաստեղծին արեւաշող բանաստեղծութիւններով անգամ մը հիանալու, իր շունչով այրելու համար, սեղմեցէք յղման վրայ՝ https://vlume.com/hye/person/EN-30

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *