Skip to content

Մուշեղ Իշխան «Մնաս Բարով Մանկութիւն»։ Նոր գիրք

«Սիրոյ չքաւորութիւնն աւելի անտանելի է, քան նիւթին զրկանքը։ Հոգիին դատարկութիւնը հազար անգամ աւելի սոսկալի է, քան գրպանինը»: Մուշեղ Իշխան
Սփիւռքահայ գրականութեան երեւելի դէմքերէն Մուշեղ Իշխանի «Մնաս Բարով Մանկութիւն» գիրքը յուշագրական վէպ է, ուր կը նկարագրէ իր թշուառ ու դժբախտ մանկութեան տարիները, ցեղասպանութեան տեղահանութիւնները եւ գաղթականութեան ճամբուն սահմռկեցուցիչ երեւոյթները, որոնց վկան ու ականատեսն է եղած անձնապէս։ Իշխանին թողած գրական ժառանգութիւնը իւրատեսակ շարունակութիւնն էր իրեն նախորդող գրական այն հանճարներուն, որոնք ճակատագրի բերումով ապրեցան ու ստեղծագործեցին հայրենիքէն հեռու։Մուշեղ Իշխանի ստեղծագործութիւններուն մէջ ամենէն գրաւիչը անոր անմիջականութիւնն է, ազնիւ ու անկեղծ պոռթկումը։ Այս կարեւոր յատկանիշն է, որ ընթերցողին կը ներշնչէ հաւատալ անոր գրականութեան եւ սիրել հեղինակը։

Իշխանին սիրառատ, անկեղծ ու յուզումնալից ստեղծագործութիւնը կարդացէ՛ք այստեղ՝ https://vlume.com/hye/item/EB-193

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *