Skip to content

Յակոբ Օշական

«… Իմ գտածը: Փափուկ ձեռքերուն տեղ, անողոք մուրճը ճակատագրին․․․ Իմ գտածը` անարգանքը, ուրացումը: Սուտը: Կեղծիքը: Անասնութիւնը: Հովիկին տեղ` փոթորիկը»:   

Այսօր արեւմտահայ գրականութեան տիտաններէն՝ Յակոբ Օշականի ծննդեան օրն է։ Գրականութեան մէջ ժամանակի ոգին ու շունչը, ժամանակի ազգային յատկանիշներն ու խորհուրդը միշտ բացայայտելով, Օշական գրած է. «Կը հաւատամ, որ ամէն իրաւ բանաստեղծին հետ իմ ժողովուրդիս աս ու ան մասը ելեր է ստեղծագործ սարսուռի, ըրեր է այդ բանաստեղծին մէջ իր երեսներէն աս ու ան աւելի յստակ, յատկանշեալ ու տպաւորիչ»։ Ստեղծագործական կեանքի սկզբնական շրջանին մէջ Օշականը անողոքաբար կը բացայայտէր գրական կեղծ մեծութիւնները։ Եւ արդէն քննադատ-Օշականը կը գրէ․ «բանաստեղծութիւնը հայրենասիրութիւն չէ, որպէսզի խեղճ ու պատառ կտորներ այդ զգացումին գնովը արտօնուի արժէքի բարձրացնելու։ Այդպէս կազմակերպուած արժէքներու դիմաց է, որ մօտ կէս դարէ ի վեր կը պայքարիմ»։ Յակոբ Օշականը, մեծանուն բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի բնորոշմամբ հայոց Պալզաքը, լեցուն էր ստեղծագործական անսահման հնարաւորութիւններով։ Թէքէեանը մէկ առիթով սրտցաւ հարց կու տայ թէ ո՞վ է գրելու Օշականի կեանքին վէպը՝ Մարտիրոսութեան վէպը։ Վստահ կրնանք ըսել, որ նոյն ինք՝ Օշականը իր գեղարուեստական երկերովը արդէն գրած է իր կեանքի ծանրակշիռ վէպը եւ զայն ժառանգութիւն թողած Է հայ գրականութեան։ 

Յակոբ Օշական՝ https://vlume.com/hye/person/EN-5

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *