Օշականի «Մնացորդացը» հայու առաւելութիւններն ու թերութիւնները, անցեալն ու ապագան ամբողջացնող գործ է։ Վէպին առանցքը Նալպանտենց ընտանիքն է, իրենց պատմութիւնը։ Գիւղին ամենէն հարուստ ընտանիքին միակ որդին, որը չի կրնար շարունակել իր մականունը՝ չի կրնար զաւակներ ունենալ։ Ի՞նչ ընել. այս հարցին լուծում կու տայ Սերոբին մայրը՝ Աննան։ Իսկ ի՞նչ սարսափելի լուծում կը գտնէ Աննան, որո՞նք են այս ընտանիքին մականունը պահելու զոհերը։ Գիրքը պարզապէս Նալպանտենց ընտանիքին պատմութիւնը չէ, այս ամէնուն մէջ հեղինակը կը բանայ տիրող բարքերուն եւ յարաբերութիւններուն անծանօթ կողմերը։ Այս եռահատոր գիրքին առաջին հատորը արդէն հասանելի է մեր մօտ, զայն կրնաք կարդալ այստեղ՝
Մնացորդաց Ա հատոր՝ https://vlume.com/hye/item/EB-204