Հալէպի մասին հայ գրականութեան մէջ թերեւս ոչ ոք այնքան տպաւորիչ ու յուզիչ չէ ներկայացուցած, որքան հալէպահայ գրող Անդրանիկ Ծառուկեանը:
Ամենաերազային, զգացական աշխարհով ու պատմութեամբ հարուստ, ամենագեղեցիկ ու գունագեղ Հալէպի մասին պատմող գիրքը՝ «Երազային Հալէպը» հայ գրականութեան լաւագոյն էջերէն է:
Գիրքին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ աքսորեալ, որբացած, կարօտեալ, բայց միեւնոյն ժամանակ ոտքի կանգնող, ստեղծող հայը: Ու այս բոլորը գրուած է ականատեսի աչքով:
Ծառուկեան կրցած է մեզի ցոյց տալ «երազի մէջ իրականութիւն, իրականութեան մէջ՝ երազ»:
Գրողը այնքան տպաւորիչ գրած է հարազատ քաղաքին մասին, մեզի փոխանցած է անոր համն ու հոտը, որ Հալէպը դարձած է երազային բոլորիս համար՝ անկախ անկէ տեսա՞ծ ենք, թէ՞ ոչ:
Այս գիրքը անպայմա՛ն կարդացէք:
Երազային Հալէպը՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1456
