Skip to content

Նոր գիրք։ Աւետիս Թէրզիպաշեան «Արծիվը իր բոյնին մեջ»

Հայրի՛կ, Հայրի՛կ, քո հայրենիք՝

Վասպուրական մեր աշխարհ

Վարդի փոխան քեզ փուշ բերաւ,

Ցաւերդ դառան բիւր, հազար

Հայրիկն ասաց․ «Իմ հայրենյաց

Փուշն անուշ է, քան ըզվարդ,

Ես այն փշոց մէջը դարձեալ

Կը որոնեմ սիրուն վարդ․․․ «Արծիվը իր բոյնին մեջ»
Աւետիս Թէրզիպաշեանի պատմայուշագրական առաջին ծաւալուն երկն է, որը լոյս տեսած է Փարիզ։ Կը ներկայացնէ Մկրտիչ Խրիմեանի (Խրիմեան Հայրիկ) կենսագրութեան ամենէն լեցուն վեց տարիները, երբ Խրիմեան Վասպուրականի հոգեւոր առաջնորդն էր, մէկ խօսքով՝ երբ «Արծիւն իր բոյնին մէջ» էր։ Փաստագրական այս նիւթը Թէրզիպաշեան կը ներկայացնէ որպէս իրապատում վէպ, որը հարուստ է ժամանակակիցներու վկայութիւններով եւ սեփական յուշերով։ Իրապատում վէպը կը վերարտադրէ Վան-Վասպուրականի պատմութեան ամենէն կարեւոր մէկ հատուածը՝ անուանի գործիչներով ու յիշարժան իրադարձութիւններով։Գրքին մէջ կը հանդիպիք ոչ միայն բազում պատմական դէպքերու ու դէմքերու, այլեւ իրազեկ կը դառնաք շատ մը մանրամասնութիւններու Վասպուրականի Արծուին մասին՝ սկսած անուան ծագումէն։

Արծիւը իր բոյնին մէջ՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1253

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *