Skip to content

Նոր գիրք։ Գեղամ Շողակաթ «Սոքոլներ»

Գեղամ Շողակաթին «Սոքոլներ» գիրքը իւրայատուկ կոչ մըն է հայ երիտասարդներուն: Հայ երիտասարդներն ու պատանիները պէտք է ըլլան պողպատեայ մկաններով, ուժեղ մտքով եւ աննահանջ հոգիով: Անոնք պիտի խանդավառուին այս գիրքով, մասնաւորաբար այն երիտասարդները, որոնք հետաքրքրուած են Սկաուտական շարժումով: Ուշադրութիւն դարձնենք «Սոքոլ» բառին: Սոքոլ-բազէ կոչուեցան այն սերպ երիտասարդ կտրիճները, որոնք շանթահարիչ բազուկով լեռներէն կ’իջնէին վար եւ կը պատժէին բռնակալները: Գիրքը սերպ ժողովուրդին պատմութիւնը ըլլալէ զատ, նաեւ ինքնաճանաչողական է: Հոս պիտի տեսնենք հայ առաջին սոքոլները՝ Անդրանիկը, Արաբոն, Գէորգ Չաուշը: Փոքր ծաւալով, բայց մեծ ըսելիքով այս գիրքը կարդացէ՛ք հոս․

Սոքոլները՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1513

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *