Ներսէս Մաժանը Կարեն Սիմոնեանին յայտնի «Ներսէս Մաժան դեղագործը» վէպին հերոսն է: Համաշխարհային գրականութեան մէջ շատ եղած են դեղագործներ ու տարրախոյզներ/ոսկեխոյզներ, Մաժանը անոնց մէջ իր արժանի տեղը ունի:
«Ներսէս Մաժան Դեղագործը» վէպը իւրայատուկ կերպով տպաւորիչ կիրքով գրուած է եւ ինքնատիպ երանգ մը ունի։ Վէպին մէջ կը զարգանայ նախնիներուն ստեղծած հոգեւոր բարձր մշակոյթը պահպանելու կենսական անհրաժեշտութիւնը։ Հայրենիքին ճակատագրին համար պատասխանատուութեան զգացումներու որոնումները մէկ կողմէն, եւ միւս կողմէն ալ ապազգայնութիւնը կը յանգեցնեն գլխաւոր քանի մը արժէքներու վերանայման։
Սիմոնեանի դեղագործ հերոսը վէպին գլխաւոր խուզարկուն է, որուն գործունէութիւնը կը շարունակուի նաեւ միւս ստեղծագործութիւններուն մէջ։
Գիտաերեւակայական նիւթերու սիրահարնե՛ր, գիրքը կրնաք կարդալ նաեւ աւանդական ուղղագրութեամբ՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1394
Իսկ ձայնագիրքը կրնաք լսել այս յղումով՝ https://vlume.com/hye/item/AB-8224