Գրող, քաղաքական գործիչ Սիմոն Վրացեանի «Կեանքի ուղիներով»ի գրքին այս հատորը՝ վեցերորդը եւ վերջինը կը պատմէ Հայաստանի Հանրապետութեան կեանքի 1921 Փետր.- Օգոստ. ժամանակաշրջանի դէպքերն ու ապրումները, երբ հայ ժողովուրդը բուռն միասնականութեամբ տապալեց իր ուսերէն բռնաւորին լուծը եւ մէկ պահ ազատ շունչ քաշեց:
Այս հատորը ամբողջութեամբ կը ներկայացնէ այն ժամանակահատուածը, երբ պոլշեւիկեան բռնատիրութիւնը ահ ու դողի մէջ կը պահէր երկիրը։
Գիրքին մասին Վրացեանն ինքը ըսած է․ «Վեց հատորի մէջ ես ջանացի ներկայացնել այն ուղին, որով անցայ ես դպրոցական աթոռներէն սկսած մինչեւ վարչապետական աթոռը (եւ այժմ նստած եմ վարժապետական աթոռի վրայ), այն «դէպքերը, դէմքերը եւ ապրումները», որ բաժին ընկան ինձ իմ կեանքում»:
Վրացեանի գրքին վերջին հատորը եւս արդէն կրնաք կարդալ այս հասցէով՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1494
Իսկ եթէ կ’ուզէք գտնել Վրացեանի «Կեանքի ուղիներով»ի գրքին բոլոր հատորները եւ՛ ձայնային, եւ՛ էլեկտրոնային տարբերակներով, ապա սեղմեցէք կապին՝ https://vlume.com/hye/person/EN-156
