Նոր գիրք մեր գրադարանին մէջ՝ խորհելու, զգալու եւ մարդիկ ու շրջապատ ճանչնալու համար:
Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեան «Կեանքի պատուհանէն»՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1675
Այս գիրքը կը բացայայտէ Հաճէթեանի պատմելու ու խորհելու իւրայատուկ ոճը՝ յուզական հրապարակագրութենէն մինչեւ գեղարուեստական պատում ու յուշագրութիւն։ Ամէն էջի մէջ հեղինակը ներկայ է որպէս՝ մտածող, գնահատող ու եզրակացնող ձայն։
Գիրքին մէջ տեղ գտած յուշագրական պատառիկները՝ հալէպեան, պոլսական ու հայաստանեան միջավայրերէն, կը դառնան ժամանակի, մթնոլորտի եւ սերունդի վկայութիւն։ Սիրային պատմուածքները ցոյց կու տան հեղինակին ազատ ու երբեմն հակադրուող կեցուածքը՝ ժամանակի մտածողութեան հանդէպ։
