Skip to content

«Ոհ… ամչնալը ամօ՛թ է այսօր։ Վա՜յ անոնց, որոնք սորված են ամչնալու»։

Այսօր ծնած է հայ գրող-երգիծաբան եւ լրագրող, XIX-րդ դարու երկրորդ կիսու հայ գրականութեան, յատկապէս իրապաշտ արձակի նշանաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը՝ Յակոբ Պարոնեանը։

Գրողին գերագոյն նպատակը ոչ միայն կեանքի հարցերուն միջամտող գործեր ստեղծելն էր, այլեւ ժողովուրդին հետ մշտական կապ պահելը, իր զգացումներուն եւ հաւատալիքներուն ժողովուրդը համահունչ դարձնելը։

Ժամանակակիցները զինք կը նկատէին «թանձր խաւարի մէջ փայլող հանճար», որուն ծիծաղին տակ դառնութեան արցունք կայ անտեսանելի։

Պարոնեան սկզբունքային եւ անկաշառ պայքարի մարդ էր, եւ հոն էր իր մեծութիւնը․ ճշմարտութիւնը ներկայացնելով ու սկզբունքայինը պահելով՝ յաճախ հալածուեցաւ եւ թշուառ կեանք ապրեցաւ, բայց երբեք չհրաժարեցաւ իր սկզբունքներէն։

Հանճարները չեն մեռնիր։ Մեծ մարդոց գործը փառքի այնպիսի կոթող մըն է, որ դարէ-դար անցնելով՝ անոնց փայլուն անունը կը յանձնէ յաւերժութեան։

«Պիտի հալածուիմ, պիտի ծեծուիմ, վնաս չունի։ Սոկրատ ալ հալածուեցաւ, ապագայ սերունդը պիտի անմահացնէ իմ անունս»։

Այսպէս անմահացաւ հայ գրականութեան մեծ երգիծաբանը։

Յակոբ Պարոնեան՝ https://vlume.com/hye/person/EN-31

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *