Skip to content

«Պիտի խնդանք՝ առանց քէն կամ ոխ, ատելութիւն կամ նախանձ խառնելու մեր ծիծաղին մէջ, որովհետեւ ծիծաղը սուրբ, Աստուածային է»: Երուանդ Օտեան

Այսօր Երուանդ Օտեանի՝ ծիծաղի համար ծնած մեծ երգիծաբանին ծննդեան օրն է: Օտեան իր պատուանդանը հաստատած է մեր գրականութեան ու հասարակական կեանքին մէջ՝ իբրեւ արժանաւոր յաջորդը հայ երգիծանքի հայր՝ Յակոբ Պարոնեանին: Օտեանը հայկական երգիծանքը բացաւ նոր հորիզոններու՝ այնքան սիրուած ու փնտռուած գրական այս սեռին անվիճելի հիմնադիրին, հանճարեղ Յակոբ Պարոնեանին իւրայատուկ, այլեւ արժանաւոր յաջորդը դառնալով: Օտեանը չունեցաւ Պարոնեանին սուր անհատականութիւնն ու սկզբունքայնութիւնը, բայց ան ունեցաւ կեանքն ու մարդիկը աւելի լայն ընդգրկումով ճանչնալու բնատուր տաղանդը: Երբ կ’ըսենք Երուանդ Օտեան, անմիջապէս մեր միտքը կու գան՝ «Փանջունին», «Միջնորդ տէր պապան», «Թաղականին կնիկը» եւ այլն։ Բայց Օտեանին գրիչը շատ առատահոս եղած է եւ եթէ բոլոր գրուածքները հաւաքենք՝ բազմահատոր գիրք մը կ՛ունենանք: Գրողը իր առաքելութիւնը սահմանած է հետեւեալ կարճ նախադասութեամբ՝ «Մենք խնդացնող չենք, այլ՝ խնդացող, իսկ եթէ մարդիկ մեզի հետ խնդան…»: Եւ պէտք է կարդանք, կարդանք Օտեանը ծիծաղելու համար, բայց եւ յիշելու անմոռաց ցաւը մեծ հայութեան անդարձ կորուստին..․

Երուանդ Օտեան՝ https://vlume.com/hye/person/EN-11

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *