Skip to content

Ռուբէն Սեւակ։ Ծննդեան օր

Ու երբ դեռ երկրի վրայ Ազատութեան

Համար մեռնին ա՜փ մը մարդեր չնչի՜ն,

Անոնք պիտ՛ ըլլան Մարդկութեան վերջի՜ն,

Վերջին Հայերը…. Ռուբէն Սեւակ

Այսօր արեւմտահայ գրականութեան աստղաբոյլի ամենավառ աստղի՝ Ռուբէն Սեւակի ծննդեան օրն է: Ռուբէն Սեւակի մուտքը գրական աշխարհին մէջ` յաղթական էր: Սեւակ սկիզբէն հեռու մնաց այն բոլոր քննադատներու դիտակէտէն, որոնք այդ շրջանին կը քննադատէին ե՛ւ Տերեանին, ե՛ւ Մեծարենցին: Բանաստեղծին համար գրելը երգելու նման է, ան իր բոլոր մխիթարութիւնները հոսեցուցած է փոքրիկ գրչածայրէն: Շարունակելով հայ քնարերգութեան աւանդոյթները՝ ան ստեղծած է սիրոյ երգերու ամբողջ շարք մը։ Բայց անոր զուգահեռ՝ բանաստեղծը միշտ խոր ատելութեամբ գրած է այն խաւին մասին, ուր «խիղճը բառ մըն է, մարդը՝ մեքենայ, սէրը հաշիւ մըն է, կրօնը՝ դրամ»։ Ռ․ Սեւակի բանաստեղծութեան մէջ կայ տխրութիւն, անհանգստութեան տեսակ մը, որուն հասցէն սիմպոլիզմն է: Անոր բանաստեղծական աշխարհին մէջ սէրը կը հնչէ տարբեր երանգներով ու վիճակներով եւ իր բոլոր դրսեւորումներուն մէջ սիրոյ երգը կը հնչեցնէ ոչ սովորական թեթեւութեամբ:

Եկո՜ւր, եկո՜ւր, եկո՜ւր, սիրենք կաթոգին.

Ո՛վ չի սիրեր պիտի մեռնի առյաւէտ.

Սէրը պէ՛տքն է, երա՛զն է, կեա՛նքն է կեանքին:

Սեւակ իր նամակներէն մէկուն մէջ ընկերոջը կը գրէ իր ամենավերջին փափաքին մասին. «Երկրագործ ըլլալ, կեանքի վերջին տարիներն անցնել լռութեան ու բնութեան մէջ…»: Իսկ ամենաազդեցիկ փափաքը Սեւակը գրած է իր ընկերոջը՝ Վարուժանին. «Անչափ կը փափաքիմ, Դանիէլ, որ մեր հետնորդները յիշեն մեզ: Յիշեն Դանիէլ Վարուժան եւ Ռուբէն Սեւակ գրողներուն, հայերուն, խաւար գիշերներու արեւերգուներուն»: Սեւակ զոհուեցաւ, զոհուեցան այն հազարաւոր գաղափարներն ու գրքերը, որոնք դեռ պիտի գրուէին, պիտի հարստացնէին մեզ…Գրողին ամենակարեւոր փափաքը, պէտք է անպայման կատարենք: Իսկ գրողն անմահ է, քանի դեռ ունի ընթերցող:

Ռուբէն Սեւակ՝ https://vlume.com/hye/person/EN-13

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *