Skip to content

Սիամանթոյի սէրերը

Արեւմտահայ բանաստեղծ Սիամանթոյին անձնական կեանքին մանրամասնութիւններուն մասին տարբեր աղբիւրներէ կրնանք որոշ տեղեկութիւններ քաղել: Ըստ ժամանակակիցներու յուշերուն եւ տարբեր վկայութիւններու՝ բանաստեղծը մտերմիկ յարաբերութիւններ ունեցած է Զուիցերիա ուսանող Սաթենիկ Ջաղեթեանին հետ։ Ըստ Սաթենիկ Ջաղեթեանին յուշերուն՝ Սիամանթոն իր զգացումներուն մասին առաջին անգամ պատմած է իրենց բարեկամին, ըսելով՝ «Ես երկու տարի է՝ կը տառապիմ: Ես չեմ համարձակած օրիորդին յայտնել իմ զգացումներս: Ես աշխատած եմ ապաքինուիլ, ուժ հաւաքել սիրտս բանալու անոր առջեւ: Անոր շնորհիւ է, որ կ’ապրիմ: Ես ոչ մէկուն չեմ զիջիր իմ սէրս»: Յետագային յարաբերութիւնները կը շարունակուին հիմնականօրէն նամակագրութեամբ, քանի որ Սաթենիկը կը վերադառնայ Կովկաս ու Հայաստան։ Սակայն դժուար ժամանակները եւ հեռաւորութիւնը կը բաժնեն սիրահարները։ Սաթենիկէն բաժանումը Սիամանթոն այնքան ալ ծանր չի տանիր եւ շատ արագ կը մտերմանայ Մաննիկ Պէրպէրեանին հետ։ «… Սիամանթոյի հետ ունեցած իմ սէրին մէջ քիչ մը աւելի գիտէի տրամաբանել թերեւս անոր համար, որ ինքը աւելի շատ կը սիրէր ու կապուած էր ինծի եւ արդէն հասած էինք ամուսնութեան որոշումին»։ Սակայն անոնք չեն ամուսնանար։

Ահա, թէ ինչ հետաքրքրական սիրային պատմութիւններ ու սէրեր ունեցած է զուսպ ու ինքնամփոփ Սիամանթոն:

Սիամանթօ՝ https://vlume.com/hye/person/EN-33

Աղբիւր՝ « Ոչ մի շաբաթ առանց սիրոյ բանաստեղծութեան»

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *