Skip to content

Սիամանթօ։ Ծննդեան օր

Սերունդներ կան իմաստութեան ծարաւի,

Ուղեղներ կան երիտասարդ՝ սերմնացանին սպասող..․ Սիամանթօ

1878 թուականին այս օրը ծնած է արեւմտահայ բանաստեղծ, հայոց կոտորածներու ժամանակակիցը, վերապրողն ու ի վերջոյ նահատակը՝ Սիամանթօն։ Ապրելով ազգային ողբերգութիւնն ու ցաւը` Սիամանթօն ի զօրու չեղաւ իր հզօր տաղանդի արգասիքը դարձնել սիրոյ, գեղեցիկի, վայելքի անհոգ երգեր, այլ իր գրիչը թաթախեց տառապանքի ու յօշոտուած արշալոյսներու մէջ։ «Սիամանթօն ունիկում (եզակի, բացառիկ) է համաշխարհային գրականութեան մէջ»,- ըսած է Աւետիք Իսահակեանը։

Իրաւ ան այդպիսինն էր, քանզի չժառանգեց սերունդներու սիրերգութեան ոչ մէկ տող եւ չդիմեց դաժան իրականութենէն խուսափելու: Անպայքար կեանքի, երազներու աշխարհին մէջ յանկարծ հնչեց զօրեղ ձայն մը, լսուեցաւ Սիամանթոյի քնարին որոտը: Ան իր ստեղծագործութիւններով սթափեցուց ննջող հոգիները, խախտեց «մեռելային ներաշխարհը», կրկին լսուեցաւ հողի ու երկրի ձայնը, կռուի ու պայքարի երգը: Սիամանթօն իր բանաստեղծական վաստակը համարած է ազգային հոգիի հայելին: Այդ հայելին ցոյց կու տայ հայ հոգիի, յաւերժութեան արտացոլանքը: Ան կառուցեց այն սանդուղը, ուրկէ բարձրացան հայորդիներ։ Իւրաքանչիւր գրող անմահ է, երբ կը յիշեն ու կը կարդան անոր գրական ժառանգութիւնը։ Սիամանթօն անմահ է՝ https://vlume.com/hye/person/EN-33

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *